2013-11-23 10:23:42

Սուրբ Մկրտութեան խորհուրդի թեկնածուներուն հետ հանդիպում` Հաւատոյ Տարուայ փակման արարողութեան ծիրէն ներս։


Շաբաթ 23 նոյեմբերի յետմիջօրէի ժամը 4,30-ին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, Սուրբ Պետրոսի Պազիլիքայի մէջ, հանդիպում կ՛ունենայ Սուրբ Մկրտութեան խորհուրդի պատրաստուող` 47 ազգութիւններէ, 500-է աւելի թեկնածուներուն հետ, որոնք Հռոմ ժամանած են, աշխարհիս հինգ ցամաքամասերէն ու յատկապէս Ռուսիայէն, Մոլտավիայէն, Պոզնիա Էրծէկովինայէն, Եգիպտոսէն, Մարոքէն, Ալճէրիայէն, Չինաստանէն, Քիրկիսդանէն, Մոնկոլիայէն եւ Քուպայէն։
Նորին Սրբութիւնը այս առթիւ 35 թեկնածուներուն կը մատակարարէ Սուրբ Մկրտութեան խորհուրդի ծիսակատարութեան ''թեկնածուի աղօթքը'', Սուրբ Պետրոս Պազիլիքայի մուտքին, անոնց ուղղելով ծիսական հարցումները` ''Ի՞նչ է քու անունդ, Ի՞նչ կը խնդրես Աստուծոյ Եկեղեցիէն եւ Ի՞նչ կը պարգեւէ քեզի հաւատքը'', Ան ապա անոնց ճակատը կը խաչակնքէ ու զիրենք կ՛ընդունի Եկեղեցւոյ մէջ `որպէս նշան անոնց ստանցնած առաջին քայլին` դառնալու համար, յետագային, հաւատքի վկաներ։
Սրբազան Քահանայապետը ապա ներկաներուն պիտի ուղղէ խորհրդածութիւն մը ''Սուրբ Մկրտութեան խորհուրդի մասին'' քաղուած` Յովհաննէսի աւետարանէն գլուխ 1, 35-42 համարներ։








All the contents on this site are copyrighted ©.